Stay on this page and when the timer ends, click 'Continue' to proceed.

Continue in 17 seconds

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ - Տինամօ Պէյրութ' 2-5

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ - Տինամօ Պէյրութ' 2-5

Source: Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կոլ մը նշանակելէ ետք (Հասան Ժաուատ) 24-րդ վայրկեանին, մինչեւ կիսախաղ 2 կոլ ստացաւ:

59-րդ վայրկեանին 3-1 եղաւ արդիւնքը: 8 վայրկեան ետք արդիւնքը 3-2 եղաւ, երբ մրցակից մը սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց: 10 վայրկեան ետք Տինամօ նշանակեց կոլ մը, որուն յաջորդեց 5-րդ կոլ մը, որ վերջ դրաւ Պէյրութի տղոց հաւասարելու յոյսին:

Յամենայն դէպս, շատ աշխատանքի կը կարօտի Պէյրութի խումբը, եւ այժմէն իսկ պէտք է սկսիլ աշխատանքի... եթէ Գ. դասակարգ բարձրանալ կ՛ուզենք:

Կան մարզիկներ, որոնք եթէ լաւ պատրաստուին, կրնան շատ աւելի լաւ արդիւնք տալ:

Վերջին հանգրուանին ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Նուժամ Պէյրութի դէմ, որ իր կարգին յոյս չունի յաջորդ հանգրուան անցնելու: